Jump to content

Գրիգոր Պըլտեան

Վիքիքաղվածք-ից
(Վերահղված է Գրիգոր Պըլըտեանից)
Գրիգոր Պըլտյանը

Գրիգոր Պըլտյան (ծնվ. 1945), հայ գրող, բանաստեղծ, բանասեր, փիլիսոփայության դոկտոր։ Ծնվել է Բեյրութում, ապրում և դասավանդում է Փարիզում։

Քաղվածքներ

[խմբագրել]

«Աղէտի Լեզուով» էսսեից

[խմբագրել]
  • Հաւաքական բնաջնջումը անձնական բնոյթ մը ունի։ Սկիզբէն այս պատումի այրուածքին մէջն եմ։ Ասոր համար շատ անգամ կը նախընտրեմ լռել։ Ոչ թէ որովհետեւ ըսելիք չկայ եւ կը պապանձիմ եղածին առջեւ, ասոր մեծութեան կամ անկարելիութեան, ինչ որ ճիշդ է մասամբ, այլ որովհետեւ ինչպէ՞ս պիտի խօսիս քու ծրագրուած ու կատարուած բնաջնջումիդ մասին[1]։
  • Անշուշտ կը սորվի իր լե­­զուն, իբր թէ ամբողջ ու ողջ ըլլար ան։ Կը սորվի նաեւ քանի մը ուրիշ բարբառ։ Կրնայ աշխարհը կոչել։ Կ՚անդրադառնայ, հետզհետէ դառնութեամբ կ՚անդրադառնայ որ իր խօսած, լսած, գրած լեզուն կրակէն անցած, անապատի այրուածքէն փրկուած, բայց մնացորդ մըն է, խլեակ մը, մեռած մարմինէ կտոր մը։ Գեղեցիկ, վսեմ, հիանալի, բայց… քուրջի կտոր մը, ուլունք մը, մազի ասեղ մը, նման անոնց որ կը գտնես փոթորիկէն ետք, աւազներուն մէջ[1]։
  • Իմ լեզուս աղէտէ ճողոպրած լեզու մըն է եւ ոչ անկէ վերապրողներու։ Ստուերային բան մը, ինչպէս երբ իրականութիւնը կը պայթի։ Աղէտը որ կը կարծէի դէպք մը, հեռաւոր պատմութիւն մը, հասեր է մինչեւ մեր բերանը, կտրեր է մեր լեզուն։ Մեր լեզուն քաշեցին, հանեցին, ըսեր էր Էրզուրումի տոհմին վերջին խանըմը։ Ըստ երեւոյթին՝ աւելի բանիմաց, աւելի իմաստուն էր քան կը կարծէի։ Աւելի ամրապինդ քան արխիւ ու վկայ, ճշմարտութիւն որոնող ու չարիքէ հեշտացող։ Թէ աղէտը լեզուի խնդիր մը եղած է, ասոր ապացոյցները շատ են, սկսեալ լեզուի ֆեթիշացումէն, մաքուր լեզու խօսելու պահանջքէն կամ հրահանգէն, այբուբենի սրբացումէն, գովքերէն, որոնց պէտք ունէինք որպէսզի պահպանէինք լեզուէն մաս մը։ Լեզուն մասունք մը չէ՞։ Նշխարի, մասի պէս կը տանիս բերանդ կամ կը դնես տուփի մէջ. չես համարձակիր նետել աղբը[1]։
  • Գրիչը կոտրել ու լռել, անցնի՞լ ուրիշ լեզուի մը, վկայելու համար այդ լեզուով։ Երկրո՞րդ լեզուով մը։ Կարեւորը այդ չէ՞, հաստատել աշխարհին առջեւ որ օր մը չէինք ու հիմա կանք։ Ասիկա ընտրութեան խնդիր մըն է։ Գրագէտ մը կրնայ գրել այն լեզուով որ կ՚ուզէ, եթէ իսկապէս ունի այլընտրանքը։ Ես կ՚ուզեմ գրել այլ լեզուով որ եղեռնագործութիւնը կամեցաւ ջնջել։ Այսինքն՝ աղէտեալին լեզուով[1]։
  • Բոլոր բառերը կան անխտիր. եղեռնը, ցեղասպանութիւնը, աղէտը, ոճիրը եւ միւսները։ Բայց գրագէտը գիտէ որ անունները կը ծածկեն միակ անանունը, միակ անունը, որ բառերուն մէջ չէ։ Պակսողը։ Մտքին ներքին ձեւը[1]։
  • Գրագէտը երբ կ՚երեւակայէ կը շարունակէ յիշել, իսկ երբ կը յիշէ կը հսկէ անմեռոն ու անպատարագ, ոչ այնքան աւանդութեան, մշակութային հարստութեան եւ ուրիշ շատ մը պիտանի՜ բաներու, որքան լեզուին վրայ։ Մեռելը հսկողի պէտք կ՚ունենայ, կ՚ըսեն, այսինքն՝ մեռցնողի, որպէսզի բոլորովին անջատուի ու դառնայ ինքզինք։ Կան որ կը լռեն, ուրիշեր կ՚ողբան։ Ասոնց միջեւ կը սպրդի գրելու ցանկութիւնը, բիրտ ու անողոք, սուգ կը բռնէ։ Ատիկա անհուն է, ինչպէս աղէտը, այսինքն վերջ չունի։ Բայց գրելը աղէտ մը չէ գրելի[1]։

«Շրջում» վեպից

[խմբագրել]
  • Բառերը միայն կը պակսին... բերնին մէջ բռնկեր է լեզուն[2]։
  • Մտմտուքը, խառնակ, մածուցիկ, անձեւ, կը տանի միտքը, կը զրկէ զինք այս տեղը ապրելու հաճոյքէն, եթե հաճոյք կարելի է կոչել ընկղմող բաներուն սուզումը աղմուկի ընդհանուր, անորոշելի խաւին ներքեւ, որուն վրայ կը ծփայ ինք, ավելի ճիշդ՝ չի ծփար, անդադար կը ցնցուի, կը ճօճի, կը դղրդայ, տարուբեր լաստ, անսպասելի թնդիւններու ենթակայ, զարմանալի կերպով բազմազան, թէեւ գորշ, բազմադիմի եւ անկայուն, չի գիտեր ո՞ւրկէ կը յայտնուին ատոնք, կը ճռնչեն, կը ճարճատին, կը սկրթուին ականջին, ապա մէկէն կը չքանան, երբ տակաւին չէ վարժուած անոնց, կարծէս թէ կը բնակի բազմաթիւ տեւողութիւններու վրայ, վերիվայրող ձայներու ոլորք՝ բարդ խմբերգի մը մէջ սլացող բներգ, միայն թէ հոս, հիմա, հում, անկազմակերպ, բիրտ, ո՛չ մէկ յղացման կամ մտածման օրէնքի հնազանդ, այլ գրեթէ ինքնեկ, որով քաոսային. շէնքերու ստուերները կ'երերան լապտերներու ճաճանչումին. քաղաքի ընդհանուր լուսաւորման մէջ անոնց մե՛րթ ուղիղ մե՛րթ կլոր գիծերը կը տարտամին, կը խռնուին երբեմն, կը սերտանան, երկարաւուն ցուիքները, երկնանուէր ծխնելոյզները կը նրբանան, կ'երազայնանան, կը շլմորին գրեթէ, մինչ կը պղտորին, կը թրթռան մետաղի, ապակիի, քարի մակերեսները, կ'ոճաւորուին լոյս-ստուերի քիչ մը թատերական այլ ճշգրիտ շարժումով որ սակայն կ'ապրեցնէ մթամած զանգուածը. մակերեսի տողանցքի ետին՝ ուրիշ մակերես, կեանքիդ ներքեւ ուրիշ կեանք, որ քեզ նախատեսած, կանխած է շատոնց. ուշ ես. ամեն ինչ մտածուած, որոշուած, ճշդուած է, ոչի՛նչ պատահական, անգիտակից, ոչի՛նչ անկանոն. յիմարական ցնորում. տքնանք, խելք, խանդ ու կամք. նիւթի լպրծուն, տարերային գոյացութիւնը չափեր, կոփեր, կարգաւորեր, բաշխեր են միջոցին մէջ։ Մտմտուքը շատոնց սկսեր է[3]։
  • Ապրիլ, կ'ըսէ մէկը, կը նշանակէ ըլլալ միշտ արտակարգ դրութեան մեջ, սահմանէ, եզրէ, կանոնէ անդին[4]։
  • Հարցերը այնքան ալ պարզ չեն։ Մնալ միայն զգայութեան մակարդակին։ Նկարագրութիւնը, կ'ըսէր վիպասանը, կը փրկէ։ Կը բաւէ դիտես՝ արդէն պատումը սկսած է[5]։

Աղբյուրներ

[խմբագրել]
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 Ակօս ամսաթերթ, 24.04.2015
  2. Գրիգոր Պըլտեան, Շրջում, Երևան, Սարգիս Խաչենց, Փրինթինֆո, 2012, էջ 7։
  3. Գրիգոր Պըլտեան, Շրջում, Երևան, Սարգիս Խաչենց, Փրինթինֆո, 2012, էջ 14-15։
  4. Գրիգոր Պըլտեան, Շրջում, Երևան, Սարգիս Խաչենց, Փրինթինֆո, 2012, էջ 15։
  5. Գրիգոր Պըլտեան, Շրջում, Երևան, Սարգիս Խաչենց, Փրինթինֆո, 2012, էջ 19։


Վիքիպեդիա
Վիքիպեդիա
Կարդացե՛ք Գրիգոր Պըլտեան հոդվածը նաև Վիքիպեդիայում: