Արման Վարդանյան
Արտաքին տեսք
Արման Հայկազի Վարդանյան (օգոստոսի 3, 1930, Ստամբուլ - օգոստոսի 21, 2015, Ստամբուլ), թատերագիր, դաշնակահար։ Հայ թատերգության մեջ «աբսուրդի դրամայի» հիմնադիր։ Հայաստանի գրողների միության անդամ (2012)։
Քաղվածքներ
[խմբագրել]- Կը խորհիմ թէ մարդիկ անիմաստօրէն կը ծնին, անիմաստօրէն կապրին ու շատ անիմաստօրէն ալ կը մեռնին։ Եթէ իրենց կեանքի վերջընթեր օրը մարդոց հարցուէր թէ ի՞նչպիսի կեանք մը անցուցած են անոնք, վստահաբար անոնց պատասխանը պիտի ըլլար՝ «Ես ալ չեմ գիտեր, բան մըն էր որ եկաւ, անցաւ ու գնաց»։ Այս մտածելակերպի հիման վրայ, կրնամ ըսել որ կեանքիս մէջ ո՛չ մէկ ատեն օրագիր պահեցի ու ո՛չ մէկ շրջանիս կենսագրականս գրելու փափաքն ունեցայ։ Ես ալ չեմ գիտեր... բան մըն էր որ եկաւ, անցաւ ու գնաց։
- Հակառակ ասոր, փառք կուտամ նախախնամութեան, որ եկայ, ապրեցայ, տանջուեցայ ու ներկայիս կը շարունակեմ երջանիկ ապրիլ։
- Եթէ հրաշք մը պատահէր եւ այսօր իմ դիմաց գտնէի իմ ծնողները, անոնց պիտի ուզէի ըսել։ Կըսուի որ քու զաւակդ պէտք է քեզ սորվեցնէ թէ դուն ի՞նչպիսի զաւակ եղած ես ծնողքիդ համար։ Ես ներողութիւն պիտի խնդրէի անոնցմէ, բոլոր այն ցաւերուն եւ տառապանքներուն համար, զորս կամայ թէ ակամայ պատճառած եմ իրենց։
- Նկատելով թէ թատրոնը շատ ետ մնացած է բաղդատմամբ բանաստեղծութեան նորավիպագրութեան, նախընտրեցի միայն-միայն թատրոնով զբաղիլ, որպէսզի եթէ կրնամ թատրոնը յառաջացնեմ եւ կարենամ միջազգային մակարդակին բերել։
- Անգիր օրէնք որպէս ընդհանրացած է այն միտքը, որ թատերագիրը թատրոնի հետ առընչուած ըլլայ։ Բայց ես թատերական կամ գրական ֆորմասիոն չունիմ։ Թատրոնի թէքնիքի մասին որեւէ գիտութիւն չունիմ. անգամ մը միայն վաղ երիտասարդութեանս բեմ ելած եմ իբր դերասան։ Ամբողջ գիտութիւնս միայն ու միայն կարդալով ձեռք ձգած եմ։
- Ես ապսիւրտ թատրոնի ներկայացուցիչը չեմ։ Չեմ գիտեր ստոյգ թէ ո՞ր ընտանիքին կը պատկանիմ, բայց եթէ ընտանիքի մը անհրաժեշտ կերպով պատկանիլս պէտք է, ամենամօտ ընտանիքը Արման Վարդանեան ընտանիքն է։
Աղբյուրներ
[խմբագրել]Քաղուածքները՝ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի կողմէ Արման Վարդանեանի հետ կատարուած հարցազրոյցէն. Մարմարա 2-3-4-5-6 Յուլիս 2012