Jump to content

Շավարշ Միսաքյան

Վիքիքաղվածք-ից

Շավարշ Միսաքյան (ավազանի անունը՝ Եղիազար, 1884, Զիմառա, Օսմանյան կայսրություն - 1957, Փարիզ), հայ հրապարակագիր, ազգային-քաղաքական գործիչ։

Քաղվածքներ

[խմբագրել]
  • «Լռությունը ոսկի չէ»

Տարեկան տեսութեան մը առիթով ուզեցինք իմանալ, թէ ի՛նչ գործեր կատարած են մեր գաղութին ազգային մարմինները եւ ի՛նչ առաջադրութիւններ ունին յառաջիկային համար։
Ահա կը լրանայ նոր տարուան առաջին ամիսը, բայց ոչ մէկ ձայն։
Ոչ իսկ սովորական տեղեկութիւն մը, այս կամ այն շրջանէն։
«Լռութիւնը ոսկի է»,- կ’ըսէին, երբ դպրոց կ’երթայինք։
Փորձառութիւնը հաստատեց, թէ միշտ ոսկի չէ։ Երբեմն արծաթ է, իսկ յաճախ ալ թիթեղ։
Այս երեքէն որո՞ւն կը համապատասխանէ համատարած լռութիւնը[1]։

  • «Յանուն լեզուի անկախութեան»

Արտասանութեան կտոր մը կը ճանկռտէ միտքս, ամէն անգամ, որ կ’որոճամ այս նիւթին վրայ.
– «Հազար տարիներ եւ մինչեւ այսօր Թաթարն է թառել մեր կրծքի վրայ»։
Ամէն մէկուն համար տեսանելի, շօշափելի են եղած քաղաքական գերութեան հետեւանքները,- յարատեւ զարհուրանք։ Յորդահոսան արիւն եւ համատարած աւեր։ Բռնագաղթ եւ արտագաղթ։ Իսլամացում եւ կազմալուծում։ Քայքայում համրանքի եւ միութեան։ Մղձաւանջ դարէ դար։ «Հազար տարիներ եւ մինչեւ այսօր»։ Իսկ հոգեկան աւե՞րը։ Եւ այն լեզուական խառնածին խնամութի՞ւնը, որ կը տեւէ մինչեւ այսօր, խաթարելով մայրենի բարբառին դիմագիծը եւ ներդաշնակութիւնը։ Դժբախտաբար միայն խօսուած լեզուն, այսպէս կոչուած «ժողովրդական»ը չէ աղճատ ու խառնակ։
Գրաւորն ալ հարս-փեսայ դարձած է թուրք-թաթար լեզուական ընտանիքին հետ, կնքահայրութեամբ մեծատաղանդ գրագէտներու եւ բանաստեղծներու։
Քաղաքական եւ ընկերային անկախութեան տարրական պայմաններէն մէկն ալ մայրենի լեզուի ազատագրումը չէ՞։ Արդէն լեռ ու ձոր կտրած ենք այդ ճամբուն վրայ։ Բայց, մե՞ղք է աւելին պահանջել, նոյնիսկ յանուն գեղարուեստի։
Մնաց որ, մեր մայրենի լեզուն այնքան աղքատ չէ, ուրիշին դուռը ափ առնելու համար։ Մանաւանդ հայրենիքի սահմաններուն մէջ…
Մեր ճակտի՞ն գրուած է մեծապատիւ մուրացկանութիւնը, գրականութեան մէջ ալ[1]։

  • «Տէր եղէք ձեր կոչումին»

Չկայ հայերէն թերթ մը, որ չփառաբանէ երիտասարդութիւնը իբրեւ վաղուան յոյսը, լոյսը եւ ուրիշ ամէն բան։
Երիտասարդութիւնը ինքն ալ իւրացուցած է կարգ մը բառեր ու նշանախօսքեր, եւ կ’արտասանղ հանդիսաւոր առիթներու մէջ։
Եւ ամէնքն ալ կը մխիթարուին, փայլուն հեռանկարներ նախատեսելով։ Մանաւանդ եթէ նորահասներէն մէկն ու մէկը բացման ճառ մըն ալ խօսի հայերէն։
Շատ քիչեր կ’անդրադառնան, թէ այս շարժումն ալ թուլացման, լճացման ախտանշաններ ցոյց կու տայ գաղութին մէջ[1]։

Ծանոթագրություններ

[խմբագրել]
Վիքիպեդիա
Վիքիպեդիա
Կարդացե՛ք Շավարշ Միսաքյան հոդվածը նաև Վիքիպեդիայում: